image

Պուրսայի Միակ Եկեղեցին Քրիստոնեաներէն Ետ Կ'առնուի

Պուրսայի Միակ Եկեղեցին Քրիստոնեաներէն Ետ Կ'առնուի

Պուրսայի մէջ լատին կաթոլիկ, գերման կաթոլիկ, Ուղղափառ եւ Բողոքական համայնքներու կողմէ միասնաբար գործածուած եկեղեցի մը գոյութիւն ունի: Քրիստոնեայ չորս համայնքները 2002-2004 թուականներուն եկեղեցին բարենորոգած էին եւ քաղաքապետութեան հետ իրենց ստորագրած համաձայնութեան հիման վրայ այս եկեղեցին պաշտամունքի բացած էին:Բողոքականաց Հաւաքականութեան ղեկավար Իսմայիլ Քուլաչօղլուի կողմէ տրուած տեղեկութեան համաձայն, 2015- ին կնքուած համաձայնութիւնը վերջ գտած է:Մայր քաղաքապետութեան պատասխանատուները այնուհետեւ պահանջած են, որ համայնքները կրկին դիմում կատարեն իրենց մօտ: Բայց այս դիմումէն ետք հետեւեալ պատասխանը ստացած են.«պարպեցէք եկեղեցին»: Քուլաչօղլու այս պատասխանին դիմաց յայտնեց, որ իրենց աւելի առաջ գրաւոր կամ բերանացի որեւէ ազդարարութիւն չէ ուղղուած: Եկեղեցիին մէջ պաշտամունքի կը հետեւին աւելի քան 100 քրիստոնեաներ: Քուլաչօղլու յայտնեց որ այս յանկարծակի պատասխանը վիրաւորական է իրենց համար: «Պուրսան, որ Եւրոպական քաղաք հռչակուած է եւ իր մէջ ունի զբօսաշրջական արժէք ներկայացնող այս եկեղեցին, դժբախտաբար կը զրկուի իր այս բարեմասնութենէն: Կը յուսանք որ առնուած որոշումը կը բեկանուի» ըսած է ան: